Այս օրերուն, շատ բաներ գրուեցան այդ մասին։
Այո, կարելի է ըսել՝ աման պապամ, պզտիկ դէպք մըն է, պզտիկներու մասին, եւ անցնիլ սակայն շատ յատկանշական դէպք մըն է. եւ պզտիկներէն առաջ ու աւելի՝ մեծերուն մասին է.
լաւ, ուրեմն մի հատ էլ հետեւեալ կերպով քննարկենք միջադէպը՝
էն վախտ, երբ որ Արցախը մերն էր, առաջ որ զայն ետ գրաւեն թուրքերը, եթէ հայ երգչուհին մօտենար եւ ուզէր գրկել իր ազերի տարեկիցին, վերջինս կ'ընդառաջէ՞ր
հռետորական հարցում է անշուշտ. դժբխատաբար.
եւ ահա, այս հիմնակա՛ն տարբերութեան պատճառով է, որ կորսնցուցինք Արցախը. եւ դեռ շատ բան պիտի կորսնցնենք.
ես կը վկայեմ որ մինչեւ իսկ Արցախի մէջ, երեխաների մէջ տեսել եմ նոյն զգացական «քնքշութիւնը»՝ թուրքերի նկատմամբ. ալ չխօսիմ, նրանց ծնողների մասին... որոնցմէ վերջապէս ստացած էին իրենց դաստիարակութիւնը, այդ երեխաները... մինչ, հակառակ ուղղութեամբ որեւէ դաստիարակութիւն՝ չկար.
իսկ ընդհանրապէս Հայաստանի մէջ եւ յատկապէս Երեւանում, բնաւ չեմ լսել որեւէ «կարծր» խօսք թուրքերու դէմ. այլ բազմիցս՝ ընդհակառակը.
այդ ամէնն է, որ հիմա վերածուեցաւ կառավարական ծրագրի.
փաշինյանիզմը չէ, որ այդ մօտեցումը արտադրեց, այլ պարզապէս զայն ներկայացնում է, վերածում է պետական դիրքորոշման, շօշափելի քայլերի, արարքների.
ոչխարներ են, գառնուկներ, որ ուզում են գրկախառնուիլ գայլերի հետ.
այս պահին իսկ, երբ որ այդ գայլերուն դունչը դեռ նոր թաց է, խխում է՝ հայի արիւնով. դարձեալ ու անգամ մը եւս.
ու այդ մօտեցումը պարտադրում են, զօրով, մնացեալ հայերիս.
տեսնենք սակայն, եթէ պիտի յաջողին...
Հայդուկ Շամլեան