image

Եւ յետ շարժմանն հուր

Եւ յետ շարժմանն հուր

«...Եւ յետ շարժմանն հուր... եւ յետ հրոյն ձայն մեղմոյ օգոյ» (Ա. Թագաւորաց):

 

Առանց գոյնի, ցեղի եւ կրօնքի խտրութեան վերոյիշեալ հուրը կը վառի իւրաքանչիւրիս ներաշխարհին մէջ՝ երբ երկրագունդի վրայ տեղ մը մարդիկ վայրկեանուան մը ընթացքին քարերու ծանրութեան տակ կենաց եւ մահու կռիւ կը մղեն: Երկվայրկեանի մը մէջ խաղաղութեամբ անո՜ւշ քնացող մանուկի քունը կը վերածուի մղձաւանջի. տակաւին օր մը առաջ մանուկներու չարաճճի քրքիջներով լեցուն փողոցը կը վերածուի լաց ու կոծով, արտասուքով ու վիշտով լեցուն քաոսի մը: Շէնքերուն հետ կը փլչին նաեւ բոլո՛ր այն երազները, որոնք տակաւին օր մը առաջ յոյս ու կորով կը ստեղծէին գրեթէ բոլորին մէջ:

 

Այդ ցաւը առաւելաբար կը զգան բոլո՛ր անոնք, որոնք ունեցած են դառն փորձառութիւնը բնութեան չարիքներուն, անոնք՝ որոնք գիտե՛ն, թէ ի՜նչ մեծ ցաւ ու կսկիծ կայ այն մօրը արցունքներուն մէջ, որ փլատակներուն տակէն իր զաւակին փրկութեան աւետիսին կը սպասէ: Եւ ինչքա՜ն մարդասպա՛ն է այդ սպասումը: Այս ցաւին ու տառապանքին դիմաց ո՞վ պիտի չուզէր ցասմանխաչը բարձրացնել Բաբելոնի՛ բարձրութեամբ... որպէսզի Աստուած հաշտուէր մարդոց հետ:

 

Պատմութիւնը յաճախ երկրաշարժներու մասին որոշ տեղեկութիւններ կը փոխանցէ, սակայն անոնց իսկական ցաւն ու առթած կսկիծը ապրողը միայն ի՛նք կրնայ հասկնալ. ցաւ ի սիրտ, մեր ազգի պատմութեան մէջ եւս պակաս չեն եղած երկրաշաժները. յաճախ կը յիշատակենք 1988 թուականի Սպիտակի երկրաշարժը՝ պարզապէս որովհետեւ ահաւորներէն ամենէն վերջինն էր մեր ազգին համար, սակայն պատմութեան ընթացքին շա՜տ շատ աւելին ունեցած ենք:

 

Անցնող շաբաթներուն տեսանք Թուրքիան եւ Սուրիան ցաւի մատնող երկրաշարժը, սակայն եթէ ուսումնասիրելու ըլլանք պատմութիւնը՝ պիտի տեսնենք, թէ նոյն վայրերուն մէջ երկրաշարժ պատահած է 865 տարիներ առաջ՝ 1158 թուականին. այս տեղեկութիւնը կը քաղենք Կիրակոս Գանձակեցի պատմիչէն. պատմիչը կը գրէ. «Մինչ թուական էր Հայոց ՈԷ (1158). եւ 'ի հոկտեմբերի ամսոյ քսան եւ վեց, սկսաւ շարժ լինել յամենայն երկիր. եւ բազում քաղաքք Տաճկաց 'ի սահմանս Արաբիայ որ է Հալապ, կործանեցան 'ի հիմանց»: Պատմիչին համաձայն, երկրաշարժը տեւած է աւելի քան մի քանի ամիս: Կը տեղեկանանք, որ մինչեւ օրս կը շարունակուի Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ երկրաշարժը՝ շատ աւելի թեթեւ վիճակով:

 

Հայ ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին ունեցած է բազմաթիւ հզօր երկրաշարժներ. անոնցմէ մէկն է Երեւանի երկրաշարժը՝ 4 յունիս 1679 թուականին, որու ընթացքին ամբողջ քաղաքը աւերակի վերածուեցաւ: Բոլորովին անծանօթ է 1718 թուականին Էրզրումի մէջ տեղի ունեցած ահաւոր երկրաշարժը. անոր մասին կը տեղեկանանք 1689-1750 թուականներուն ապրած բանահաւաք Եղիա Կարնեցիի «Հոգեւոր հայր պարոն Մունիերիտ»ի ուղղած իր 7 օգոստոս 1718-ի նամակէն։ Բանահաւաքը հետեւեալ տողերով կը փոխանցէ երկրաշարժի եղելութիւնը. «Հայր իմ պատուելի, չունիմ ուրիշ խապար գրել տէրութեան քո։ Բայց մեզ մին շաթր էկաւ Էրզրմա, մին բօթալից խապար բերեց։ Յուլիս 7,5 սհաթ կէս գիշերվան անցած, այնպէս մին սաստիկ երկրաշարժ է էլել, որ մինչ 15 գեղ զայ է եղել։ Այնպէս գրեցին թէ՝ չորս գեղ այնպէս պաթմի[շ] էլաւ, որ բնակութեան տեղն մանշուր չի»։ Նամակի տեղեկութեան համաձայն, 15 գիւղ ամբողջութեամբ կործանած էր. այն աստիճան՝ որ չորս գիւղերու բնակութեան վայրերը նոյնիսկ դժուար էր գտնել: Բանագէտը կը յիշէ, թէ նոյն օրուան ընթացքին աւելի քան 24 անգամ երկրաշարժ տեղի ունեցած է:

 

Այսպէս, տարիներու ընթացքին երկրաշարժը կը քանդէ բազմաթիւ քաղաքները. ցաւը որոշ ժամանակ կը կը կրծէ բնակչութեան սիրտը, սակայն ժամանակ մը ետք մարդիկ կու գան նորերը կառուցելու եւ այսպէս մոռացութեան կը տրուի անցեալը եւ վիշտին տեղ կամաց կամաց ծիծաղն ու ուրախութիւնը ծնունդ կ՚առնէ... մինչեւ որ օր մը դարձեալ հինին օրինակով աւերակ դառնան նորերը եւ այսպէս անընդհատ նորը հինին յաջորդելով կը յառաջդիմէ մարդկութիւնը: Օրինակի համար, պատմիչ մը կը յիշէ 1319 թուականին Հայաստանի մէջ պատահած դժբախտ երկրաշարժի մը մասին, որու ընթացքին կը քանդուի Ս. Թադէոսի վանքն ու եկեղեցին. Տէր Զաքարիա 10 տարուան ընթացքին կը յաջողի նորը կառուցել:

 

Այս բոլորը մեզի մտածել կու տան, որ աշխարհի վրայ ամէ՛ն բան ժամանակաւոր է եւ կայ մարդկային ուժէն աւելի բարձր ու վեր գտնուող ուժ մը՝ որ շատերու համար Աստուածն է, իսկ ուրիշներու համար բնութիւնը: Մեր՝ մարդկութեան համար միայն գոյութիւն ունին մեր եւ մեր նմանին միջեւ դրուած դիրքի ու աստիճանի տարբերութիւնները. Բնութեան եւ անոր աղէտներուն դիմաց բոլորս ալ հաւասա՛ր ենք անխտիր, որովհետեւ նոյնիսկ հարուստը չի՛ կրնար իր բոլոր հարստութիւնը օգտագործելով զերծ մնալ մարդկային բնական աղէտներէն:

 

Դժբախտութիւնը ունինք գիտակցելու, որ մի քանի օրեր առաջ տեղի ունեցած երկրաշարժը վերջինը պիտի չըլլայ. ժամանակ մը ետք ան ալ պիտի մոռցուի եւ իր «համբաւ»ը պիտի տայ յաջորդներուն, որոնք մահուան խորհրդաւորութեան նման կը մնան խորհրդաւոր:

 

Թող իւրաքանչիւր շէնքի կործանում մարդոց հոգիին եւ սիրտին մէջ վերականգնէ արդէն իսկ երկա՜ր ժամանակ աւերակ մնացած մարդոց խիղճերը, ըլլալու աւելի համբերատար ու ողորմած:

Հրայր Տաղլեան

Հրայր Տաղլեան

Ծնած է Պէյրութ-Լիբանան, 8 Փետրուար 1992-ին: Ա...