image

Եթէ ՀՀ անվտանգութեան սպառնալիքներ ըլլան, կը կիսուինք հանրութեան հետ. Արմէն Գրիգորեան

Եթէ ՀՀ անվտանգութեան սպառնալիքներ ըլլան, կը կիսուինք հանրութեան հետ. Արմէն Գրիգորեան

Հայաստանը պիտի շարունակէ հերքել եւ աշխատիլ, որ սահմանային միջադէպերու հետաքննութեան մեքենականութիւն ստեղծուի, որ սահմանային իրավիճակի մասին համապարփակ տեղեկութիւն ունենանք: Այս մասին կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է  Անվտանգբւթեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը:

Հարցին՝ տեղեկութիւն ունի արդեօք ատրպէյճանական կողմը կուտակումներ կան սահմանին, ան ըսած է. «Եթէ որեւէ ինֆրմացիա լինի, որը փոխկապակցուած է ՀՀ անվտանգային իրավիճակի հետ, բնականաբար, մենք այդ ինֆորմացիան կը կիսենք հանրութեան հետ, դա միանշանակ է»:

Ճշդող հարցին ալ՝ պատերազմի վտանգ կը տեսնէ՞, Անվտանգբւթեան Խորհուրդի քարտուղարը նորէն ըսած է. «Եթէ մենք ունենանք ինֆորմացիա, որը վերաբերի ՀՀ անվտանգութեանը, բնականաբար, մենք կը կիսուենք հանրութեան հետ»: