image

Եթէ Ցեղասպանութիւնը Ճանչցուի, Երկու Ժողովուրդներն Ալ Կը Հանգստանան. Ազնաւուր

Եթէ Ցեղասպանութիւնը Ճանչցուի, Երկու Ժողովուրդներն Ալ Կը Հանգստանան. Ազնաւուր

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Աշխարհահռչակ երգիչ ու յօրինող Շարլ Ազնաւուր ֆրանսական «Փլեն Վի» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պիտի հանգստացնէ երկու ժողովուրդները ու պիտի նպաստէ Թուրքիա-Հայաստան սահմանը բանալու ջանքերուն։

«Թուրք երիտասարդութիւնը այլեւս յոգնեցաւ միշտ իբրեւ յանցաւոր տեսնուելէն։ Անոնց պապերը շատ փայլուն մարդիկ չէին, բայց սխալ է երիտասարդները մեղադրել ու զանոնք իրենց պապերուն մակարդակին դնել», ըսած է Ազնաւուր։

Լրագրողը յիշեցուցած է, որ Ազնաւուրի մայրը իր ամբողջ ընտանիքը կորսնցուցած էր Ցեղասպանութեան ընթացքին, եւ հարցուցած է, թէ այս իրականութիւնը իր ազդեցութիւնը չէ՞ գործած Ազնաւուրի կեանքին վրայ։ Ազնաւուր պատասխանած է, որ անշուշտ բնա՛ւ հաճելի չէ գաղթական ընտանիքի մը զաւակ ըլլալ, բայց այս մասին ընելիք բան չկայ։ Ան ըսած է, որ դառն յուշեր ունի անցեալէն եւ զանոնք միշտ մտահոգութեամբ կը յիշէ։ «Բայց ես անոնցմէ չեմ, որոնք կ՛ըսեն՝ «Լաւագոյն թուրքը մեռած թուրքն է»», աւելցուցած է Ազնաւուր։