image

Եթէ ... Ատրպէյճան. Փաշինեան խանդավառ է խաղաղութեան պայմանագրով

Եթէ ... Ատրպէյճան. Փաշինեան  խանդավառ է խաղաղութեան պայմանագրով

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Փարիզի խաղաղութեան համաժողովին ընթացքին յայտարարեց, թէ Պաքուի քարոզած «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի հայեցակարգը Հայաստանի դէմ նոր պատերազմի նախապատրաստութիւն է: «Սա շատ մտահոգիչ ուղերձ է, եւ շատ կարեւոր է, որ այս խօսոյթը հովանաւորւում է կառավարութեան կողմից: Բայց կայ մի շատ պարզ հարց` չկայ յաւելեալ փաստարկների կարիք», ըսած է Փաշինեան։

Ան համաժողովին մասնակցողները զգուշացուց՝ դիտել տալով, որ, թէեւ Երեւան եւ Պաքու մօտ են խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու, բայց լուրջ հարցեր ծագած են Ատրպէյճանի անկեղծութեան վերաբերեալ:

«Բայց դա չի սասանում մեր հաւատարմութիւնը խաղաղութեան օրակարգին, եւ մենք յոյս ունենք, որ առաջիկայ ամիսներին կը ստորագրենք խաղաղութեան պայմանագիր Ադրբեջանի հետ», ըսաւ ան՝ ընդգծելով, որ համաձայնագիրը հիմնուած պէտք է ըլլայ Պրիւքսէլի մէջ համադրուած երեք սկզբունքներուն վրայ` իրարու տարածքային ամբողջականութեան ճանաչում քառակուսի քիլոմեթրերով, անվերապահ հաւատարմութիւն Ալմա Աթայի հռչակագիրին` իբրեւ սահմանազատման քաղաքական շրջանակ եւ հաղորդակցութեան կապերու ապաշրջափակում` ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան, փոխադարձութեան եւ հաւասարութեան սկզբունքներով:

 «Չկայ որեւէ չափազանցութիւն, եթէ Ադրբեջանը վերահաստատ այն, ինչ արդէն համաձայնեցուել է, դա կը նշանակի, որ աշխատանքի 70 տոկոսն արուած է։ Եւ եթէ Ադրբեջանը չմերժի այդ սկզբունքները, դա կը նշանակի, որ առաջիկայ ամիսներին Ադրբեջանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը շատ իրատեսական է դառնում: Ցաւօք, Ադրբեջանի նախագահը հրաժարուեց մասնակցել անցեալ ամիս Գրանադայում կայացած հնգակողմ հանդիպմանը: Հոկտեմբերին Բրիւսելում նախատեսուած եռակողմ հանդիպումը չկայացաւ, եւ ես յաջորդ հանդիպման հրաւէր չեմ ստացել Շարլ Միշելից: Յոյսով եմ, որ Եւրամիութեան մեր գործընկերները հաւատարիմ են իրենց պարտաւորութիւններին», ըսած է Փաշինեան։