image

Երուսաղէմի մէջ զինեալ դէպք. Պաղեստինցի երիտասարդը կրակ բացած է ոստիկաններու ուղղութեամբ եւ... սպաննուած

Երուսաղէմի մէջ զինեալ դէպք. Պաղեստինցի երիտասարդը կրակ բացած է ոստիկաններու ուղղութեամբ եւ... սպաննուած

 

Երուսաղէմի մէջ ոստիկանութեան ուղղութեամբ կրակ բացած պաղեստինցին վնասազերծուած է, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատուական գործակալութիւնը:

Իսրայէլի ոստիկանութիւնը, երկուշաբթի օր, կրակած եւ սպաննած է պաղեստինցի դեռահաս մը, որ կրակ բացած էր իրենց ուղղութեամբ Երուսաղէմի Հին քաղաքին մէջ: Այս մասին տեղեկացուցած են ոստիկանութեան լրատուական ծառայութենէն:

«Երուսաղէմի Հին քաղաքին մէջ ահաբեկիչը մօտեցած է ոստիկանութեան խումբ մը սպաներու եւ սկսած է կրակել անոնց ուղութեամբ: Անկէ ետք փախուստի դիմած է, ոստիկանութիւնը հետապնդած է եւ պատասխան կրակով վնասազերծած է անոր», -ըսուած է ոստիկանութեան լրատուական ծառայութեան տարածած զեկոյցին մէջ:

Իսրայէլական Yedioth Ahronoth թերթը յայտնած է, որ յարձակում գործողը Երուսաղէմի Հին քաղաքի 17-ամեայ բնակիչ է, որ մահացած է ոստիկաններու պատասխան կրակի հետեւանքով: