Իսրայէլի մէջ ստեղծուած խառնակ իրավիճակը իր ծանր ազդեցութիւնը կը թողէ նաեւ Երուսաղէմ՝ Սուրբ Քաղաքի հայկական թաղամասերուն վրայ։
Տարբեր առիթներով, գուցէ օրակարգը ցրելու համար ծայրայեղականներ յարձակումներ կը գործեն քրիստոնէապատկան սրբավայրերու ու նաեւ քրիստոնեայ հայրերու դէմ։
Այս մասին իր դիտարկումները կատարած է մեկնաբան Սագօ Արեան, որ նաեւ նկատել տուած է, որ այսօր գրոհ մը տեղի ունեցած է Սուրբ Մարիամի ՝ մեր Տիրամօր գերեզմանին վրայ։
Մեկնաբանը մտահոգութիւն կը յայտնէ ստեղծուած իրադրութեան վերաբերեալ եւ անշուշտ ուժ ու կորով կը մաղթէ Երուսաղէմի մեր հայ քոյրերուն եւ եղբայրներու եւ Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան անդամներուն, գլխաւորութեամբ Երուսաղէմի Հայ Պատրիարք ՝Տ. Նուրհան արք. Մանուկեանի։
Մնացածը՝ տեսանիւթին մէջ։
Չմոռնանք յիշեցնել մեր ընթերցողներուն՝ բաժանորդագրուիլ Arevelk.am Youtube-եան ալիքին ու նաեւ հարկ եղած պարագային մեկնաբանութիւններ թողել նիւթերուն տակ։