image

Զմմառու վանք. Նշուած է Տիրամօր Մատրան հիմնադրութեան 85-ամեակը (Լուսանկարներ)

Զմմառու վանք. Նշուած է Տիրամօր Մատրան հիմնադրութեան 85-ամեակը (Լուսանկարներ)

Օրերս Լիբանանի տարածքին գտնուող եւ դարաւոր անցեալ ունեցող Հայ Կաթողիկէ Զմմառու Վանքին մէջ նշուած է Սուրբ Մարիամ Տիրամօր մատրան հիմնադրման 85-ամեակը։

Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ հրապարակուած հաղորդագրութիւնէն։

Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ հրապարակումը։

«Տենչս է, որ Զմմառեան միաբանութիւնը մնայ միշտ պաշտպան ու պահապան Աստուածամօր տան». Այսպիսին էր Իգնատիոս արք. Մալոյեանի տենչը, որուն սրբադասման եւ իր բարեխօս` Զմմառու ցաւագին Տիրամօր մատրան հիմնադրութեան 85-ամեայ յոբելեանը այս տարի համընկնեցաւ:

Աւանդութեան համաձայն, օգոստոս ամսուան 15-ի ամէնէն մօտիկ շաբաթավերջին` Տիրամօր վերափոխման տօնին, խանդավառ մթնոլորտ եւ աշխուժութիւն մը կը տիրէ Զմմառու վանքէն ներս: Արդ, Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանները Տիրամօր նուիրուած վերափոխման տօնը կը նշեն յատուկ ջերմեռանդութեամբ:

Ընկալեալ սովորութեանց համաձայն, այս տարի եւս օգոստոս 16-ի երեկոյեան եւ 17-ի առաւօտեան Զմմառու վանքի Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեան ամփիթատրոնին մէջ վերափոխման նուիրուած հանդիսաւոր պատարագ մատուցուեցաւ:

Հայ ժողովուրդի արաբախօս հատուածը եւ յարակից գիւղերու հաւատացեալները եւս վերափոխման խորհուրդին հաղորդակից դարձնելու մտադրութեամբ, շաբաթ երեկոյեան արաբերէնով մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` Զմմառու պատրիարքական միաբանութեան փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր` Մաշտոց թ.ծ.վրդ. Զահթերեանի կողմէ: Ան իր քարոզին մէջ հանգամանօրէն ներկայացուց վերափոխման տօնի իմաստը հայ ժողովուրդին մօտ` ըսելով. «Իւրաքանչիւր հայ հաւատացեալ իր սրտին մէջ Տիրամօր նկատմամբ ունի իւրայատուկ ջերմ ու զեղուն զգացումներ, զորս կ՛արտայայտէ Վերափոխման տօնին օրը, որուն ընթացքին մեր ազգը, համայն քրիստոնեայ աշխարհի հաւատացեալներու հետ, յաւուր պատշաճի իր յարգանքի ու նուիրումի տուրքը կը մատուցէ Աստուածամօր յիշատակին»:

Մեծաւոր հայրը օրուան խորհուրդը մեկնաբանելէ ետք ընդգծեց, որ 2025-ը յատուկ նշանակութիւնը ունի միաբանութեան համար, արդ` Զմմառու ցաւագին Տիրամօր մատրան հիմնադրութեան 85-ամեայ յոբելեանն է, ուստի Տիրամօր բարեխօսութիւնը հայցելով եզրափակեց քարոզը:

Յաւարտ Ս. պատարագի տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի արարողութիւնը, ապա հրավառութիւն:

Կիրակի, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Լիբանանի չորս ծագերէն հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը եկած էր իր ուխտը կատարելու Զմմառու ցաւագին Տիրամօր:

Նախագահութեամբ Հայ կաթողիկէ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին, հայրապետական փառաշուք թափօրի շքախումբը` կազմուած վանաբնակ եպիսկոպոսներէ, վանքի վարչական հայրերէ, միաբան վարդապետներէ, Պէյրութի պատրիարքական թեմի հոգեւորականներէ, ժառանգաւորներէ եւ նորընծաներէ ՀԿՄ-ի շեփորախումբին նուագակցութեամբ, վեհարանէն ուղղուեցաւ դէպի Ս. Իգնատիոս Մալոյեան ամփիթատրոն, ուր «Հրաշափառ»-ի երգեցողութեամբ ընթացք առաւ Ս. պատարագը, զոր մատուցեց պատրիարք հայրը` առընթերակայութեամբ հայր Նարեկ Լուիսեանի եւ հայր Տիգրան Փիլիպոսեանի:

Երգեցողութիւնը կատարեց Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ «Արծիւեան» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Նշան Մարաշլեանի:

Հոգեւոր տէրը բերկրանքով սկսաւ իր քարոզը` ըսելով. «Ընթացիկ տարին կը զուգադիպի` Աստուծոյ Ծառայ` Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի նախաձեռնութեամբ եւ իր իսկ նիւթական օժանդակութեամբ կառուցուած Զմմառու ցաւագին Տիրամօր մատրան հիմնադրութեան 85-ամեայ յոբելեանին, եւ մատրան վերանորոգման օծումը պիտի կատարենք պատարագէն անմիջապէս ետք, ուստի հոն ուխտաւորները կարող են շնորհներ խնդրել Զմմառու Աստուածամայրէն»:

Հայրապետը իր քարոզը եզրափակեց` ըսելով. «Եկած ենք վերափոխեալ Աստուածածնին առջեւ` մեր աղօթքները բարձրացնելու առ Աստուած, մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու, որ Աստուած Իր Միածին Որդիին մայրը` Մարիամը մեզի շնորհեց` որպէս երկնաւոր մայր, որ Ան Իր մայրական հոգածութեամբ, գթութեամբ եւ սիրով, օգնէ մեզի` այս դժուարին պայմաններու մէջ գոյատեւելու, տոկալու` քրիստոնէավայել եւ հայավարի նկարագիրով եւ մարդկային բարի վարքագիծով:

Ամէն օր աւելի զօրացնէ եւ ամրապնդէ մեր հաւատքը, դիմագրաւելու համար ամէնօրեայ կենցաղային դժուարութիւնները եւ ապահովէ մեր հանապազօրեայ հացը»:

Հոգեպարար արարողութենէ ետք տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի արարողութիւնը:

Այնուհետեւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.-ին գլխաւորութեամբ եւ շարականներու երգեցողութեամբ ներկաները ուղղուեցան Զմմառու ցաւագին Տիրամօր վերանորոգուած մատուռը, ուր հոգեւոր տէրը վերաբացումը կատարեց ցաւագին Տիրամօր մատրան: Աւարտին հաւատացեալները ստացան օրհնուած խաղողի ողկոյզները: