image

Երուսաղէմ. ՌԱԿ-ի նուիրեալներէն՝ Պերճ Կէճէքուշեանի կորուստը

   Երուսաղէմ. ՌԱԿ-ի նուիրեալներէն՝ Պերճ Կէճէքուշեանի կորուստը

Օրերս Երուսաղէմի մէջ իր աչքերը յաւերժին փակած է Երուսաղէմի ՌԱԿ եւ ՀԵՄ-ի նուիրեալներէն՝ Տիար Պերճ Կէճէքուշեանը։

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ ՀԵՄ-ի դիմատետրեան էջէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝ 

ՀԵՄ-ի եւ ՌԱԿ-ի վարչութիւնները կը գուժեն մահը երէց անդամ ընկեր Պերճ Կէճէքուշեանի որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 8 Ապրիլ 2023-ին, առաւօտեան։

Ընկեր Պերճ Կէճէքուշեանը եղած է նուիրեալ ու գործօն անդամ Միութեանս, եղած է Վարչական անդամ եւ զանազան յանձնախումբներու անդամ ինչպէս նաեւ 2019-ին արժանացած է ՀԵՄ-ի երկարամեայ եւ գործունեան  անդամի տիտղոսը։

Ընկ. Պերճը Հայր եւ մեծ հայր է նուիրեալ եւ գործօն անդամներու որոնք կը ծառայեն ՀԵՄը մեծ նուիրուածութեամբ։

Այս առթիւ ՀԵՄ-ի եւ ՌԱԿ-ի վարչութիւնները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն ընկեր Պերճ Կէճէքուշեանի զաւակներուն եւ բոլոր ընտանեկան պարագաներուն։

Թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, 10 Ապրիլ, 2023-ին, Հայոց Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ կէսօրէ ետք ժամը 4-ին։

Աստուած հոգիդ լուսաւորէ սիրելի ընկեր։