Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի մասին վիրաւորական բանաստեղծութիւն գրած գերմանացի երգիծաբան Եան Պիոհմերմանի փաստաբան Քրիստիան Շերց յայտարարած է, որ վարչապետ Անկելա Մերքէլի նկատմամբ կրնայ դատական գործ բացուիլ:
«CNNTurk»ի հաղորդմամբ, փաստաբանը նշած է, որ պատճառը եղած է Մերքէլի կողմէ Էրտողանի մասին երգիծական բանաստեղծութեան հետ կապուած բացասական մեկնաբանութիւնը:
Պոոհմերմանի փաստաբանին կողմէ Անկելա Մերքէլին յղուած բաց նամակին մէջ մասնաւորապէս պահանջուած է, որ վարչապետը հրաժարի հրապարակային գնահատականներէն:
Միջանկեալ նշենք, որ վարչապետը բանաստեղծութիւնը որակած էր որպէս «միտումնաւոր վիրաւորական գրութիւն»:
Փաստաբանը նշած է, որ Մերքէլ իրաւունք չունէր նման կերպով արտայայտուելու: Շերց նշած է, որ, եթէ Մերքէլ մէկ շաբթուան ընթացքին ետ չվերցնէ բանաստեղծութեան մասին կատարած յայտարարութիւնը, իրենք դատարան պիտի դիմեն:
Յիշեցնենք, որ 2016 թուականի Մարտին Եան Պիոհմերման գերմանական «ZDF» հեռուստակայանի եթերէն ընթերցած էր բանաստեղծութիւն մը, որ թրքական կողմի բնութագրմամբ, «արուեստի անուան տակ չափազանց ծանր վիրաւորանքներ կը պարունակէր»:
Բանաստեղծութիւնը որոշակիօրէն ազդած էր նաեւ թուրք-գերմանական դիւանագիտական յարաբերութիւններուն վրայ: Թուրքիոյ կառավարութիւնը պահանջած էր Պիոհմերմանի նկատմամբ դատական գործ յարուցել, Գերմանիոյ քրէական օրէնսգիրքի 103-րդ յօդուածի «Օտար երկրի առաջնորդը վիրաւորել»ու հիմքով:
Գերմանիոյ կառավարութիւնը թէեւ ընթացք տուաւ այդ պահանջին, սակայն, միեւնոյն ժամանակ, քննարկման դրաւ եւ չեղարկեց 103-րդ յօդուածը (փոփոխութիւնը ուժի մէջ պիտի մտնէ 2018-ի Յունուարի 1-էն):
2017-ի Փետրուարին Համպուրկի նահանգային դատարանի որոշմամբ հրապարակման արգելք դրաւ նշեալ բանաստեղծութեան այն հատուածին վրայ, որ Էրտողանին ուղղուած վիրաւորանք կը պարունակէր: