Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանի հետ քննարկած է Եւրոմիութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան գործընթացը եւ համաշխարհային խնդիրները, յայտնած է Anadolu գործակալութիւնը։
Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմէն յայտնած են, որ Էրտողան Ուաշինկթընի մէջ հանդիպած է Հունգարիոյ վարչապետի հետ։
Հանդիպման ընթացքին Էրտողան յայտարարած է, որ Թուրքիան կը շարունակէ խաղաղութեան ջանքերը՝ վերջ դնելու ռուս-ուքրանական պատերազմին եւ Կազայի հատուածի վրայ Իսրայէլի յարձակումներուն։ Թուրքիոյ ղեկավարն ընդգծած է, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է աշխուժացնի ջանքերը՝ այս տարածաշրջաններուն մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար։
Էրտողան ընդգծած է, որ Հունգարիոյ նախագահութեան ընթացքին Թուրքիայէն աջակցութիւն կ՚ակնկալէ ԵՄ անդամակցութեան գործընթացի աշխուժացման եւ յարաբերութիւններու զարգացման գործին։