Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան յայտարարած է, որ Բենիամին Նաթանիահուն պէտք է հեռանայ Իսրայէլի վարչապետի պաշտօնէն։
«Նաթանիահուին պէտք է ըսել՝ «երթալու ժամանակն է»։ Այդ մասին ինծի ըսած են նաեւ որոշ օտարերկրեայ քաղաքական գործիչներ»,- Էրտողանի այս խօսքերը մէջբերած է Անատոլու գործակալութիւնը։
Թուրքիոյ նախագահը յայտարարած է, որ «արեւմտեան գրեթէ բոլոր երկիրները կ՚անտեսեն Կազայի ջարդերը» եւ զգուշացուցած է, որ «այն քաղաքական գործիչները, որոնք կ՚անտեսեն Կազայի վրայ յարձակումներու դէմ բողոքի ցոյցերը, շուտով պիտի բախին իրենց երկիրներու հասարակութեան արձագանգին»։
Էրտողան նաեւ ըսած է, որ «իսլամական աշխարհը պէտք չէ լռէ Պաղեստինի բռնազաւթման հարցով»։
«Կազայի անկումով իսլամական աշխարհի միասնութեան եւ համերաշխութեան խորը վէրք կը հասցուի»,-ըսած է ան։
Թուրքիոյ նախագահն ընդգծած է, որ «Անգարան յստակ սահման կը գծէ հրէաներու եւ սիոնիստներու միջեւ» եւ նշած է, որ այն, ինչ կը կատարուի Կազայի հատուածին մէջ, «սիոնիզմի ակնյայտ դրսեւորում է»։