Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան սպառնացած է թրքական լրատուամիջոցները իրաւական պատասխանատուութեան ենթարկել` «ազգային եւ բարոյական արժէքներուն անհամատեղելի» բովանդակութեան համար, ինչ որ քննադատներու կողմէ կը դիտուի որպէս այլախոհութիւնը խեղդելու փորձ:
Ան նաեւ պաշտօնանկ ըրած է արդարադատութեան նախարարը եւ Վիճակագրական ծառայութեան ղեկավարը, երբ վերջինը հրապարակած էր անցեալ տարուայ գնաճի տուեալները, ըստ որուն` այն 19 տարուայ մէջ հասած է առաւելագոյնին:
Թուրքիոյ նախագահը իր հրամանագրին մէջ նշած է, որ «անհրաժեշտութիւն դարձած է միջոցներու ձեռնարկումը` պաշտպանելու ընտանիքները, երեխաներն ու երիտասարդները վնասակար մետիայէն»: Ան կոչ ըրած է իշխանութիւններուն՝ իրաւական միջոցներու ձեռնարկելու որոշ լրատուամիջոցներու բովանդակութեան «վնասակար ազդեցութեան դէմ», առանց բացայայտելու, թէ ինչ կ'ենթադրէ այն:
Քննադատները կը նշեն, որ սա մէկ այլ միջոց է խօսքի ազատութիւնը ճնշելու` յաջորդ տարուայ ընտրութիւններուն ընդառաջ:
Երկարամեայ աշխատանքային փորձ ունեցող լրագրող, լրատուամիջոցներու օմպուտսմեն Ֆարուք Պիլտիրիճը մեղադրած է Էրտողանին` «լրատուամիջոցներու դէմ արտակարգ դրութիւն» յայտարարելու համար:
Իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններն ալ մշտապէս կը մեղադրեն Թուրքիան խօսքի ազատութիւնը խոչընդոտելու համար` լրագրողներու ձերբակալութիւններով ու քննդատական լրատուամիջոցները փակելու միջոցով, յատկապէս` 2016-ի ռազմական յեղաշրջման փորձէն յետոյ:
Էրտողան, սակայն, կը շարունակէ հրապարակաւ սպառնալ ու վիրաւորել լրագրողները: Մասնաւորապէս, օրերս ան նշած էր, որ յայտնի հեռուստալրագրող Սետեֆ Քապաշը անպատիժ պիտի չմնայ այն բանէն ետք, երբ կալանաւորուած է զայն վիրաւորելու համար: