image

Երկու կարեւոր ռազմական օդակայան ռուսերուն ձեռքը անցաւ. Ռուսական ուժեր կը մօտենան Քիեւին

Երկու  կարեւոր  ռազմական  օդակայան  ռուսերուն ձեռքը անցաւ. Ռուսական ուժեր կը մօտենան Քիեւին

Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ, զօրավար Իկոր Քոնաշենքով յայտարարած է ուքրանական ենթակառուցուածքի կառոյցներուն բարձր ճշգրտութեան հեռահար զինատեսակներով հարուածելու մասին:

Ռուսական ուժերը խափանած են Ուքրանիոյ արեւմտեան Լուցքժ եւ Իւանօ-Ֆրանքիւսքի ռազմական օդակայանները` հեռահար զէնքերով բարձր ճշգրտութեան հարուածներէ յետոյ:

Յայտարարուած է նաեւ 24 ժամուայ ընթացքին 3 ուքրանական «Մի-24» օդանաւի եւ 8 անօդաչու սարքի կործանման մասին:

Այդ տեղի կ'ունենայ այն ժամանակ, երբ ռուսական ուժերը կը շարունակեն մօտենալ Ուքրանիոյ մայրաքաղաքին, ուր ռուսական ռազմական շարասիւնը տեղակայուած էր Քիեւի հիւսիսարեւելեան մուտքին մօտ` համաձայն «Maxar» ընկերութեան կողմէ ներկայացուած արբանեակային պատկերներու:

«Maxar»ը ըսաւ, որ արբանեակային լուսանկարները «ցոյց տուած են, որ ռուսական մեծ ռազմական շարասիւնը, որ վերջին անգամ տեսած են Քիեւէն հիւսիս-արեւմուտք, Անթոնով օդակայանին մօտ, հիմնականին մէջ ցրուած եւ տեղակայուած է»:

Միւս կողմէ, Ուքրանիոյի գլխաւոր շտաբը յայտարարած է, որ «ռուսական ուժերը կը շարունակեն Քիեւը պաշարելու գործողութիւնը»: