Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ, զօրավար Իկոր Քոնաշենքով յայտարարած է ուքրանական ենթակառուցուածքի կառոյցներուն բարձր ճշգրտութեան հեռահար զինատեսակներով հարուածելու մասին:
Ռուսական ուժերը խափանած են Ուքրանիոյ արեւմտեան Լուցքժ եւ Իւանօ-Ֆրանքիւսքի ռազմական օդակայանները` հեռահար զէնքերով բարձր ճշգրտութեան հարուածներէ յետոյ:
Յայտարարուած է նաեւ 24 ժամուայ ընթացքին 3 ուքրանական «Մի-24» օդանաւի եւ 8 անօդաչու սարքի կործանման մասին:
Այդ տեղի կ'ունենայ այն ժամանակ, երբ ռուսական ուժերը կը շարունակեն մօտենալ Ուքրանիոյ մայրաքաղաքին, ուր ռուսական ռազմական շարասիւնը տեղակայուած էր Քիեւի հիւսիսարեւելեան մուտքին մօտ` համաձայն «Maxar» ընկերութեան կողմէ ներկայացուած արբանեակային պատկերներու:
«Maxar»ը ըսաւ, որ արբանեակային լուսանկարները «ցոյց տուած են, որ ռուսական մեծ ռազմական շարասիւնը, որ վերջին անգամ տեսած են Քիեւէն հիւսիս-արեւմուտք, Անթոնով օդակայանին մօտ, հիմնականին մէջ ցրուած եւ տեղակայուած է»:
Միւս կողմէ, Ուքրանիոյի գլխաւոր շտաբը յայտարարած է, որ «ռուսական ուժերը կը շարունակեն Քիեւը պաշարելու գործողութիւնը»: