Երեւանի Հանրապետութեան Հրապարակէն 24-րդ անգամ մեկնարկող ամենամեայ դէպի Ծիծեռնակաբերդ ջահերով երթի խորագիրը այս տարի հետեւեալն է՝ «Մէկ հայրենիք, մէկ դատ, մէկ ճանապարհ՝ պայքար»:
Երեւանէն բացի, ջահերով երթեր կայացած են նաեւ Կապանի ու Ստեփանակերտի մէջ։
Երթի մեկնարկէն առաջ ելոյթով հանդէս եկած է ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեանը, որմէ քիչ անց Հանրապետութեան հրապարակին մէջ Ջահերով երթի մասնակիցներն այրած են Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դրօշները։
Ջահերով երթը մեկնարկած է Հանրապետութեան հրապարակէն, ընթացած Ամիրեան փողոցով, Մաշտոցի, Բաղրամեան պողոտաներով, ապա՝ Քիեւեան փողոցով դէպի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:
Երթի մասնակիցները Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի մէջ ծաղիկներ խոնարհած են Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: