image

Երեւանի մէջ. Քաղաքացին ինկած է 7-րդ յարկէն ու մահացած

Երեւանի մէջ. Քաղաքացին ինկած է 7-րդ յարկէն ու մահացած

 

7 Մայիսին, ժամը 06։17-ին Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Երեւանի Ադոնցի փողոցի թիւ 17 շէնքի 7-րդ յարկէն քաղաքացի ինկած է։

 

Հայաստանի ԱԻՆ-էն յայտնած են, որ դէպքի վայր մեկնած է ԱԻՆ ՓԾ Երեւան քաղաքի փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն մէկ մարտական հաշուարկ։

Շէնքի բակին մէջ յայտնաբերուած է նոյն շէնքի 10-րդ յարկի բնակիչ Ս․ Ս․-ի (1947-ի ծնունդ) դին։

Փրկարարները սահմանազատած են տարածքը եւ քաղաքացիի դին մօտեցուցած են շտապօգնութեան մեքենային։