Ապրիլ 14-ին մահացած է զինծառայող Նարեկ Արշակի Յակոբեանը։ Այս մասին յայտնած են պաշտպանութեան նախարարութենէն։
Քննչական կոմիտէէն յայտնած են, որ զինծառայողի մահուան դէպքի առթիւ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ՝ Քրէական օրէնսգիրքի 523-րդ յօդուածի 1-ին մասով (զինծառայողը ինքնասպանութեան հասցնելը):
Նշանակուած են փորձաքննութիւններ:
Կը կատարուի նախաքննութիւն՝ դէպքի ամբողջական հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ: