9 դեկետմբերի առաւօտեան կրակոցներ հնչած են Երեւանի մէջ։ Ժամը 08։50-ի սահմաններուն «Էրեբունի» բժշկական կեդրոնէն ոստիկանութեան Շենգաւիթի բաժին ահազանգ ստացուած է, որ հրազէնային վնասուածքներով իրենց մօտ տեղափոխուած է 2 քաղաքացի։
Հիւանդանոցին մէջ բժիշկները ոստիկաններուն յայտնած են, որ վիրաւորներն այս պահուն կը գտնուին վիրահատարան եւ ի վիճակի չեն կատարուածին մասին բացատրութիւն տալու։ Մինչ «էրեբունի» հիւանդանոցի բժիշկները կը պայքարին վիրաւորներու կեանքին համար, ինչ որ յաջողած են, ոստիկանները պարզած են, որ վիրաւորներն են՝ Երեւանի բնակչներ 47-ամեայ Կարէն Ս․-ն, որ ստացած է աջ ազդրի վերին երրորդական հրազէնային վիրաւորում, եւ 45-ամեայ Արմէն Կ․-ն, որ ստացած է ձախ ստորին հրազէնային վիրաւորում։