image

Ատրպէյճանցի զինծառայողի կողմէ հրազէնային վնասուածքներ ստացած Անի Աւետիսեան եւ անոր երկու երեխաները տուժող ճանչցուած են

Ատրպէյճանցի զինծառայողի կողմէ հրազէնային վնասուածքներ ստացած Անի Աւետիսեան եւ անոր երկու երեխաները տուժող ճանչցուած  են

Ատրպէյճանցի զինծառայողի կողմէ Սիւնիքի մարզի Շաքի գիւղի իր տան մէջ հրազէնային վնասուածքներ ստացած Անի Աւետիսեան եւ անոր երկու զաւակները տուժող ճանչցուած են։ Այս մասին «Ազատութեան» յայտնած են Քննչական կոմիտէէն։

Իրաւապահ մարմինը առայժմ կը հրաժարի յայտնել, արդեօք անոնք արդէն հարցաքննուա՞ծ են։

Յիշեցնենք, որ ատրպէյճանցի զինծառայողը Սիւնիքի Շաքի գիւղին մէջ կրակած էր Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի ոտքին։ Երկու ամիսով կալանաւորուած ատրպէյճանցի զինծառայողը կը մեղադրուի սահմանը ապօրինի հատելու, զէնքի մաքսանենգութեամբ զբաղելու, զէնքի գործադրութեամբ առողջութեան ծանր վնաս պատճառելու եւ բնակարանի անձեռնմխելիութիւնը խախտելու յանցանքներու համար։ Ատրպէյճանի մէջ ան կը մեղադրուի դասալքութեան համար։