Վլատիմիր Ժիրինովսքիի հոգեհանգիստի արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ առաւօտեան Քրիստոս Փրիկչի տաճարին մէջ: Այս մասին յայտնած է Մոսկուայի պատրիարքարանը:
«Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 8-ի առաւօտեան, Քրիստոս Փրկիչի տաճարին մէջ, զայն պիտի կատարէ Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ պատրիարք Քիրիլը», ըսած է աղբիւրը:
Յիշեցնենք, որ 75-ամեայ Ժիրինովսքին Քովիտի պատճառով Փետրուար 2-ին տեղափոխուած էր հիւանդանոց: Քաղաքական գործիչը մինչեւ Մարտ 11 եղած է արհեստական մահաքունի մէջ, որ անհրաժեշտ էր հիւանդի օրկանիզմին ուժերը պահպանելու համար:
Վլատիմիր Ժիրինովսքի Ռուսաստանի լիպերալ-դեմոկրատական կուսակցութեան առաջնորդ ն է, Ռուսաստանի Պետտումայի պատգամաւոր: