Ատրպէյճանական զինուած ուժերը 2 Օգոստոսին, ժամը 11։20-էն 12։00, խախտած են հրադադարը հայ-ատրպեճանական սահմանի Երասխի, իսկ ժամը 14։30-էն՝ Կութ գիւղի հատուածին՝ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բանալով հայկական դիրքերու ուղղութեամբ։
Այս մասին յայտնած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն։
ՀՀ ԶՈՒ ստորաբաժանումներու հակազդող գործողութիւններէն ետք հակառակորդի կրակը լռեցուած է։ Հայկական կողմէ տուժածներ չկան։