image

«Եօթը» կուսակցութիւնը փակած է Լիբանանի TVA-ի գլխաւոր մուտքը. Պէյրութի մէջ բողոքի նոր ալի՞ք

«Եօթը» կուսակցութիւնը փակած է Լիբանանի TVA-ի գլխաւոր մուտքը. Պէյրութի մէջ բողոքի նոր ալի՞ք

Այս առաւօտ Լիբանանի քաղաքացիական շարժումներու առաջատար համարուող «Եօթը» կուսակցութեան անդամներ, որպէս ապրուստի վատ պայմաններու դէմ բողոքի նշան, փակած են մայրաքաղաք Պէյրութի TVA-ի շէնքի գլխաւոր մուտքը: Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց LBCI կայանը, նշելով, որ բողոքարարները վրաններ լարած են շէնքի գլխաւոր մուտքի դռան մօտ եւ արգիլած են պաշտօնեաներու շէնք ելքումուտքը:

Յիշեցենք, որ TVA-ի շէնքը երկրի ելեւմտական ոլորտին մէջ կարեւոր նշանակութիւն ունեցող կառոյց է եւ յաւելավճար տուրքերու գլխաւոր կեդրոն:

Կառոյցը հաստատուած է Լիբանանի նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի օրերուն, որ աւելի ուշ բուռն քննադատութիւններու ենթակայ դարձած էր, իր վարած ելեւմտական քաղաքականութեան պատճառով: