«Հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման բոլոր ուղղութիւններով յստակ գործողութիւններ եւ վճռական փոխզիջումային քայլեր են անհրաժեշտ», նշուած է Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիմքեթ Հաճիեւի՝ Պրիւքսէլի մէջ կայացած բանակցութիւններու աւարտին Եւրոմիութեան կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ։
«Արմէն Գրիգորեանն ու Հիքմեթ Հաճիեւը բանակցութիւններ վարած են հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան գործընթացի ծիրին մէջ ձեռնարկուելիք հնարաւոր յստակ քայլերու՝ այդ շարքին սահմանազատման, անվտանգութեան, մարդասիրական խնդիրներու, ինչպէս նաեւ աւելի լայն հարցի՝ խաղաղութեան համաձայնագրին վերաբերեալ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ։
«Հանդիպումը հնարաւորութիւն տուաւ միտքերու աշխոյժ փոխանակում կազմակերպել Հոկտեմբեր 5-ին Կրանատայի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հնարաւոր հանդիպման հրատապութեան վերաբերեալ։ Եւրոմիութիւնը վստահ է, որ հնարաւոր հանդիպումը Կրանատայի մէջ պէտք է օգտագործուի թէ՛ Երեւանի եւ թէ՛ Պաքուի կողմէ՝ միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը յարգելու յանձնառութիւնը վերահաստատելու համար՝ նախապէս Փրակի եւ Պրիւքսէլի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու հիման վրայ», նշուած է ԵՄ յայտարարութեան մէջ։
Տարածուած փաստաթուղթին մէջ Եւրոմիութիւնը նաեւ կ’ընդգծէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ թափանցիկութեան, ինչպէս նաեւ «մարդասիրական եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող կառոյցներու հասանելիութեան անհրաժեշտութիւնը»։