Եւրոպական Միութիւնը կ՚ուսումնասիրէ Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամի միջոցով հայկական բանակին «ոչ մահաբեր ձեւաչափով» աջակցութիւն ցուցաբերելու հնարաւորութիւնը, սակայն յստակ որոշումներ դեռ չկան, «Իզվեսթիա»-ին ըսած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ծառայութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Փեթեր Սթանօն։
Միեւնոյն ժամանակ ան ըսած է, որ Եւրոմիութիւնը մտադիր չէ զօրավարժութիւններ կայացնել Հայաստանի հետ:
«Եւրոպական Միութիւնը չի դիտարկեր Հայաստանի հետ համատեղ զօրավարժութիւններ կայացնելու հնարաւորութիւնը։ Եւրոպական Միութիւնը ռազմական դաշինք չէ, այն արժէքներու քաղաքական եւ տնտեսական համայնք է»,-ըսած է Սթանօն։
Բացի այդ, Եւրոմիութիւնը չի նախատեսեր հայ զինուորականներ մարզել Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու տարածքին մէջ, պարզաբանած է ան։