Մեծն Բրիտանիոյ Ելիզապէթ Բ. թագուհին այսօր կը նշէ գահակալութեան 70-ամեակը: Ան թագուհի դարձած է 1952 թուականի Փետրուար 6-ին` իր հօր Գէորգ Զ. արքային մահէն յետոյ:
Ելիզապէթ Բ. թագուհին այս տարի կը դառնայ 96 տարեկան եւ պիտի ըլլայ բրիտանացի առաջին միապետը, որ կը նշէ փլաթինէ յոբելեանը: Քանի որ Փետրուարին Բրիտանիոյ մէջ եղանակը սովորաբար բարենպաստ չէ, տօնակատարութիւնները կը տեղափոխուին ամառ: Բրիտանացի միապետներու պաշտօնական ծննդեան տօները նոյնպէս կը նշուին ամրան, անկախ անկէ, թէ իրականութեան մէջ երբ ծնած են անոնք:
Որպէս Platinum Anniversary-ի մէկ մասը, ամբողջ երկրին մէջ պիտի ըլլան տօնակատարութիւններ ամբողջ տարուայ ընթացքին, որոնք կ'աւարտին Յունիս 2-5 երկարաձգուած Յոբելենական շաբաթով: