Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան լուրերը հաղորդող «Կիլիկիա» հարթակէն կը կարդանք՝
Կիրակի, 16 Նոյեմբեր 2025-ին, Լոնկ Այլընտի Garden City հիւրանոցին մէջ, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմը մեծաշուք հանդիսութեամբ նշեց իր հովուապետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին գահակալութեան 30 ամեակը։
Ճաշկերոյթի ընթացքին հերթաբար ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Սիւզան Չիֆթճեան, Արամ Սարաֆեան, Արամ Համբարեան եւ առաջնորդ սրբազան հայրը։
Ուսթըրի հոգեւոր հովիւ Գերապատիւ Տէր Արտակ Ծայրագոյն Վարդապետ Արապեան համապարփակ կերպով ներկայացուց Նորին Սրբութիւնը։ Ան յատկապէս ըսաւ.- «Վեհափառ Հայր, լոկ բառերու ներդաշնութեամբ ձեր գովքն հիւսելու փորձը չէ որ կը կատարենք այստեղ․ այլ Քրիստոսաբոյր Աւետարանի լուսաճաճանչ տողերն արձագանգելով կը վկայենք, թէ «մշակն իր վարձքին արժանի է։ Հայրական ու Հայրապետական իմաստութիւն արտացոլող խոհերու կողքին Անթիլիասի ու Անթիլիասականի ոգով շաղախուած ձեր բեղուն գործունէութիւնը արար աշխարհի կը վկայէ, թէ հայոց աշխարհի տարածքին մեր նախնեաց արժանիքներն ու աւանդները, շնորհիւ իրենց արժանընտիր գահակալին, տակաւին խորք ու կշիռ կը պարտադրեն մեր թէ՛ ներկայի եւ թէ՛ ապագայի սերունդներուն։ Ձեր կաթողիկոսական գահակալութեան երեսնամեայ յոբելեանին առիթով, ահաւասիկ, եկեղեցի ու ժողովուրդ դարձեալ կու գանք վերանորոգելու մեր ուխտը, եւ երդուելու՝ առաքելաւանդ մեր Սուրբ Աթոռին առ Աստուած ճախռանքին թեւ ու թռիչք դառնալու»։
Հանդիսութեան աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը յղեց իր օրհնութեան խօսքը։ Ան իր գնահատանքը արտայայտելէ ետք հանդիսութիւնը կազմակերպող առաջնորդ սրբազանին, ազգային վարչութեան, ինչպէս նաեւ խօսք առնողներուն, ըսաւ, թէ «նման առիթներ ո՛չ միայն կը յիշեցնեն կատարուած գործը, այլ նաեւ ու մանաւանդ կատարուելիքը: Անցեալին նայիլ կը նշանակէ ճիշդ կերպով ծրագրել ապագան: Երբ կը փորձենք մեր Սուրբ Աթոռին անցնող 30 տարիներու կեանքին ու առաքելութեան արժեւորումը կատարել, վստահաբար պիտի տեսնենք, թէ հսկայ գործ է կատարուած, եւ այդ գործը առաքելութիւն է ու ծառայութիւն՝ Աստուծոյ փառքին, մեր Հայրենիքին, ազգին ու եկեղեցւոյ համար: Ա՛յս է Անթիլիասի առաքելութեան ճամբան ու նպատակը: Այդ առաքելութեան մաս կը կազմեն մեր միաբաններ հայրերը, ժողովականներն ու մեր թեմերը։ Սփիւռքի վերակազմակերպումը ու մարդուժի պատրաստութիւնը պիտի դառնան գլխաւոր մարզերը մեր Սուրբ Աթոռին ծառայութեան»:
Ապա, իր խօսքը անգլերէն շարունակելով՝ Նորին Սրբութիւն ըսաւ. «I embarked on my pontifical visitation almost four weeks ago in Montreal and I visited our communities in Toronto, LA, Fresno, San Francisco, NY, NJ and other places, and I had an excellent opportunity to be with our people, engage in inter-action with them, and shared my thoughts and expectations. The celebration of my 30th Anniversary as Catholicos has acquired and important place on the agenda of my visits.
This is my last meeting with our people; tomorrow I will return to Antelias, the seat of our Catholicosate. Let me share wit you a few thoughts.-
1) Anniversary is an occasion to look backward by reminding the achievements.
2) It is also an opportunity to look forward by identifying the priorities.
U.S.A. communities have a pivotal role to play in the life and mission of our church particularly in the following way.-
- by helping us to prepare human resources – clergy and teachers.
- by initiating projects and programs aimed at encouraging our youth to become actively present in the life and witness of our church.
- by promoting people-oriented educational. pastoral and humanitarian programs and activities.»







