image

Էջմիածնի մէջ. Կրակոցներ հնչած են

Էջմիածնի մէջ. Կրակոցներ հնչած են

Shamshyan.com-ի տեղեկութիւններով՝ 12 նոյեմբերին՝ Ժամը 23։30-ի սահմաններուն, Էջմիածին քաղաքի Ս. Մանուկեան փողոցի 1-ին փակուղիի տուներէն մէկու դիմաց Էջմիածին քաղաքի բնակիչ՝ 32-ամեայ Յովհաննէս Գրիգորեանի կողմէ վարած Mercedes մակնիշի եքենան բախած է նոյն քաղաքի բնակիչ՝ 20-ամեայ Արման Պետրոսեանի կայանուած Opel մակնիշի եքենային, որմէ ետք Հ. Գրիգորեանն ու անոր ուղեւոր՝ Էջմիածին քաղաքի բնակիչ, 32-ամեայ Ալպերթ Քոչարեանը իջած են մեքենայէն եւ վիճաբանութեան մէջ մտած Ա. Պետրոսեանի, վերջինիս հօր՝ Էջմիածին քաղաքի բնակիչ, 53-ամեայ Աշոտ Պետրոսեանի, եղբօր՝ Էջմիածին քաղաքի բնակիչ, 20-ամեայ Աւետիս Պետրոսեանի հետ։ 

Վիճաբանութեան մասնակիցներէն Ա. Քոչարեանը ինքնաձիգով կրակոցներ արձակած է օդ։ 

Դէպքի փաստով քննչական բաժնէն ներս նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ։ Կայքի տեղեկութիւններով՝ ոստիկանները դէպքի վայրին մէջ յայտնաբերած են Ս. Բադամեանը, Ա. Մանուկեանը, Ի. Սաֆարեանը եւ Ա. Քոչարեանը։ Ձեռնարկուած են անհրաժեշտ հետախուզական միջոցառումներ՝ Mercecdes մակնիշի մեքենան եւ յանցագործութեան գործիք ինքնաձիգը յայտնաբերելու ուղղութեամբ։