Հայաստանն ու Ատրպէյճանը պետական սահմանազատման շրջածիրէն ներս համատեղ ականազերծած են համապատասխան տարածքները եւ ճշդած աշխարհագրական չափագրումները։
Այս մասին այսօր Ալմա Աթայի մէջ ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպման յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը։
Ան ընդգծած է, որ սահմանային սիւներու տեղադրումը գրեթէ աւարտած է։
Պայրամովն ընդգծած է, որ կարճ ժամանակահատուածին ահռելի աշխատանք կատարուած է: