image

Անդրանիկ Քոչարեան ատրպէյճանական կրակոցները պայմանաւորած է «հիսթերիք դրսեւորումներով»

Անդրանիկ Քոչարեան ատրպէյճանական կրակոցները պայմանաւորած է «հիսթերիք դրսեւորումներով»

Ազգային Ժողովի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանը վերջին օրերուն ատրպէյճանական կողմի կրակոցները համարած է «անկանոն, անիմաստ ու աննպատակ»։ Ան կրակոցները պայմանաւորած է Ատրպէյճանի «հիստերիկ դրսըեւորումներով»։

«Ապակի է կոտրուել, ապակիները կը վերանորոգենք ու ամէն ինչ կ՚անենք, որ նման կրակոցները ունենան գնահատուելու հնարաւորութիւն նոյնիսկ Եւրոպական Միութեան դիտորդների մակարդակով ու հասնենք նրան, որ կրակոցներ չլինեն»,- Ազգային Ժողովէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է պատգամաւորը։

Անդրանիկ Քոչարեանի կարծիքով՝ կրակոցները Պրիւքսէլի մէջ ապրիլ 5-ին Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն-Միացեալ Նահանգներ բարձր մակարդակի հանդիպման հետ կապ չունին։

Հարցին՝ ինչո՞վ կը պայմանաւորէ Ատրպէյճանի կրակոցները, Քոչարեանն ըսած է․ «Հիստերիկ դրսեւորումներով, Երեւի միւս կողմում կանգնածներն այդ օրը որոշել են անկանոն կրակներ ուղարկեն մեր բնակավայրերի ուղղութեամբ։ Էդպէս շատ է եղել, ոչ մի բանի հետ կապ չունի»։

Անդրանիկ Քոչարեանը այնուհետեւ ուղղելով ինքն իրեն ըսած է, որ «հիսթերիք» բառը թերեւս շատ կոպիտ ըսուած էր․ «Դրանք գործողութիւններ են, որոնք որեւէ իմաստ չեն արձանագրում, ոչ մի հարց չեն լուծում դրանով։ Դրանք կրակոցներ են, որոնք նոյն  դիտորդների միջոցով պէտք է արգելել»,- ընդգծած էԱնդրանիկ Քոչարեանը։

Հարցին՝ կը տեսնէ՞, որ Պաքուն մագլցումի կը տանի, Քոչարեանը նշած է. «Ոչ, դեռ չեմ տեսնում։ Երբ կը տեսնենք, կ՚անցնենք լիարժէք պաշտպանութեան։ Եթէ անհրաժեշտ լինի՝ հայկական կողմը կը պատասխանի հակառակորդին»։