Ամբողջական ապաքինում կը մաղթենք Գերապայծառին՝ յուսալով ու մաղթելով, որ ան շուտով վերադառնայ իր աշխատանքներու բնականոն հունին։
Օրերս Պոլսոյ մէջ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ առաջնորդ (Վիճակաւոր) Արհի. Տ. Լեւոն արք. Զէքիեան ենթարկուած է աչքի վիրաբուժական միջամտութեան։
«Արեւելք» այս մասին իմացաւ Պոլսոյ իր աղբիւրէն։
Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ Գերպ. Զէքիեանի անցուցած գործողութիւնը անցած է յաջող, եւ ան ներկայիս կը բոլորէ ապաքինման շրջան մը։
Ամբողջական ապաքինում կը մաղթենք Գերապայծառին՝ յուսալով ու մաղթելով, որ ան շուտով վերադառնայ իր աշխատանքներու բնականոն հունին։