Ըստ Associated Press գործակալութեան՝ Եգիպտոսը զօրացուցած է անվտանգութիւնը Կազայի հատուածի հետ իր սահմաններու երկայնքով՝ այնտեղ տեղակայելով անվտանգութեան հազարաւոր աշխատակիցներ:
Եգիպտոսի անվտանգութեան բարձրաստիճան պաշտօնեան գործակալութեան յայտնած է, որ Գահիրէն ձեռնարկած է «աննախադէպ միջոցներ»՝ կանխելու համար Կազայի հատուածի հետ իր սահմաններու խախտումները: Պաշտօնեան զգուշացուցած է, որ Իսրայէլի հնարաւոր ցամաքային ներխուժումն այդ տարածք «կոպիտ սխալ» կ'ըլլայ։
Ըստ պաշտօնեայի՝ Եգիպտոսն առաջարկած է Կազայի հատուածին մէջ անվտանգութեան գօտիներ ստեղծել եւ թոյլ տուած, որ մարդասիրական օգնութիւնն անցնի Ռաֆահ անցակէտով:
Ան աւելցուցած է, որ հակառակ որոշ արեւմտեան պաշտօնեաներու՝ ծրագրին աջակցութեան՝ Իսրայէլը դեռ չէ արձագանգած առաջարկին: