image

Եգիպտոսի Մէջ Կազի Պաշարներու Մեծագոյն Ջրահանքեր Յայտնաբերուած

Եգիպտոսի  Մէջ Կազի Պաշարներու Մեծագոյն     Ջրահանքեր  Յայտնաբերուած

 Եգիպտոս- («Ալ Հայաթ»- Լոնտոն) Եգիպտոսի մէջ երկրի  ողջ պատմութեան ընթացքին մեծագոյն  կազի պաշարներու  ջրահանքեր    յայտնաբերուած են: Այս մասին    «Ալ Հայաթ» իր տեղեկութիւնները քաղած է իտալական  «Էնի» նաւթային ընկերութիւնէն, որ  նախօրօք  մամլոյ հաղորդագրութիւն մը  տարածելով  յայտնած է, թէ   եգիպտական ջուրերուն մէջ յայտնաբերուած  կազային  պաշարները կրնան բաւարարել եգիպտոսի    կազի  տեղական պահանջքները   երկար  ժամկէտներու վրայ:  Ըստ  ընկերութեան    կազային պաշարները կը տարածուին 100     քիլոմեթր   քառակուսիի վրայ եւ կը պարունակեն մինչեւ    30   թրիլիոն խորանարդ անառատ կազ: