image

Եղբայրական Հայ ժողովուրդ. Կիպրոսի նախագահը ուղերձ հրատարակած է

Եղբայրական Հայ  ժողովուրդ. Կիպրոսի նախագահը  ուղերձ հրատարակած է

Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Խրիսթոտուլիտես իր պաշտօնական թուիթըրեան հասցէէն Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի վերաբերեալ գրառում կատարած է: Այս մասին դիմատետրեան իր էջին յայտնած է Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը:

«Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան յարգանքի տուրք կը մատուցենք 1,5 միլիոն զոհերու յիշատակին։ Կը շարունակենք պայքարը այս սարսափելի յանցագործութեան միջազգային ճանաչման համար։ Եղբայրական հայ ժողովուրդի հետ մեր համերաշխութիւնը անբաժան է»,- նշուած է գրառման մէջ: