image

Եղած են նոր յատկացումներ. «Ոսկեբերան Արզումանեան կրթական ֆոնտ»ը պատնէշի վրայ

 Եղած են նոր յատկացումներ. «Ոսկեբերան Արզումանեան կրթական ֆոնտ»ը պատնէշի վրայ

Լիբանանահայ ազգային գործիչ, ներհուն մտաւորական հանգուցեալ Ոսկեբերան Արզումանեանի յիշատակը վառ պահելու միտուած եւ անոր անունով կոչուած «Ոսկեբերան Արզումանեան կրթական ֆոնտ»ը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը։

Օրերս ֆոնտը հերթականին պէս կատարած է յատկացումներ լիբանանահայ փայլուն նիշեր ապահոված աշակերտներու։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Ֆոնտի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝ 

Այսու կը տեղեկացնենք, որ «Ոսկեբերան Արզումանեան կրթական ֆոնտ»ը զանազան դիմումներ ստացաւ լիբանանահայ աշակերտներէ, որոնք հայկական վարժարաններ կը յաճախեն, ունին փայլուն նիշեր եւ տնտեսական ոչ բարւոք վիճակի մէջ կը գտնուին։ Մարմինը արդէն իսկ կատարած է իր ընտրութիւնը եւ փայլուն աշակերտներուն յատկացուցած է կրթաթոշակները, որոնք իրենց գումարները ստացած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճամբով։

Յաջողութիւն կը մաղթենք բոլորին։ 

 

Ոսկեբերան Արզումանեան կրթական ֆոնտի յանձանձող մարմին