image

Եղանակին պատճառով. Հայաստանի մէջ կան փակ ճանապարհներ

Եղանակին պատճառով. Հայաստանի մէջ կան փակ ճանապարհներ

Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ՀՀ տարածքին մէջ կան փակ եւ դժուարանցանելի ճանապարհներ։

9 դեկտեմբերէն, փակ են Արագածոտնի մարզին մէջ «Ամբերդ» բարձր լեռնային օդերեւութաբանական կայանէն դէպի Ամբերդ ամրոց եւ Քարի լիճ տանող ճանապարհները։

Ժամը 23։00-ի դրութեամբ Մ-2-Աղւանի-Տաթեւ-Մ-2 միջպետական ճանապարհի վերականգնման աշխատանքները ժամանակաւորապէս դադրեցուած է․ երթեւեկութիւնը երկկողմանի վերականգնուած է։

Սիւնիքի մարզի Վերին Խոտանան-Տաթեւ ճանապարհին առկայ է մերկասառոյց։

Ապարանի տարածաշրջանին մէջ, Բերդ եւ Ճամբարակ քաղաքներուն մէջ, Լանջիկ-Մաստարա ճանապարհին, Սիւնիքի մարզի բարձրադիր գօտիներուն  մառախուղ է։

Լարսի մասին

Վրաստանի ՆԳՆ Արտակարգ իրավիճակներու  բաժանմունքէն եւ Ռուսիոյ ԱԻՆ Հիւսիսային Օսիայի ճգնաժամային կառավարման կեդրոնէն ստացուած տեղեկատւութեան համաձայն՝ Ստեփանծմինդա-Լարս ճանապարհը բաց է բոլոր տեսակի փոխադրային միջոցներու համար։

Վարորդներուն խորհուրդ կը տրուի երթեւեկել բացառապէս ձմեռային անուադողերով։