image

Economist. Ռուսաստան կը պատրաստուի մեծ գրոհի

Economist. Ռուսաստան կը պատրաստուի մեծ գրոհի

Բրիտանական The Economist ամսագիրը գրած է Քիեւի  ուղղուած  արեւմտեան աջակցութեան նուազեցման մասին եւ մատնանշած անոր ձախուղումը մարդուժի հաւաքագրման մէջ, մինչդեռ Ռուսիան կը պատրաստուի զօրահաւաքի հերթական նոր ալիքի մը։

Բրիտանական The Economist ամսագիրը խօսած է մտավախութիւններու մասին, որ Ռուսիան մինչեւ ամառ կրնայ նոր եւ  հսկայածաւալ  յարձակում սկսիլ, ինչպէս ըրաւ անցեալ տարի։

Ըստ ամսագրին՝ Ուքրանիոյ կարողութիւնը Ռուսիոյ  գրոհը  ետ մղելու, այս անգամ, աւելի քիչ կը թուի, քան նախապէս էր։ Այդ իսկ պատճառով այն հրատապ կարիք ունի «աւելի շատ ուժեր զօրակոչելու եւ առաջնագիծին աւելի ամուր պաշտպանութիւն կառուցելու»:

The Economist  յայտնած է, որ Ուքրանիոյ արեւմտեան դաշնակիցները «ուշադրութիւնը շեղուած է»՝ Մերձաւոր Արեւելքով, գալիք ընտրութիւններով եւ տնտեսական խնդիրներով առընթեր անոնց ունեցած զբաղուածութեան պատճառով:

Մեկնաբանելով Ռուսիոյ կողմէ անցեալ շաբթուան ընթացքին մէկ գիշերուան մէջ Ուքրանիոյ վրայ աւելի քան 150 անօդաչու թռչող սարքերու եւ հրթիռներու արձակումը, ամսագիրը նշած է, որ Քիեւն այլեւս չունի «կալանաւորող» հրթիռներ, յատկապէս այնպիսիք, ինչպիսիք կրնան «վերացնել ամենամահաբեր ներթափանցողները»:

The Economist  հաստատած է, որ փակուղին, որուն հասած է Միացեալ Նահանգներ, կը սպառնայ թոյլ տալ Ռուսիոյ՝ ճեղքել Ուքրանիոյ ոչ լիարժէք պաշտպանական գիծերը։

Միւս կողմէ եւրոպացիներու դիրքաւորումը շատ աւելի լաւ չէ, հակառակ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի կոշտ  յայտարարութիւններուն , որ սակայն «քիչ սարքեր կ՚ուղարկէ նշած նպատակին հասնելու համար», կամ Գերմանիոյ վարչապետ՝ Օլաֆ Շոլցին, որ  ըստ ամսագրին կը հրաժարի Քիեւին տրամադրել հզօր եւ հեռահար «Taurus» հրթիռներ։

Պարբերականը անդրադարձած է Եւրոպայի՝ մինչեւ այս ամիս Ուքրանիա մէկ միլիոն հրթիռ ուղարկելու նպատակի ձախողման, թէեւ «չեխերը կը ճամբորդէին աշխարհով մէկ՝ նախատեսուած խմբաքանակի պակասը լրացնելու համար», նշելով, որ այս առումով «փողը նոյնպէս խնդիր է»։

Այնուամենայնիւ, Ուքրանիան չի կրնար պարզապէս մեղադրել իր դաշնակիցները, քանի որ ան «մեղաւոր է նաեւ սխալներու մէջ», ըստ ամսագրին՝ նշելով, որ այդ սխալներէն մէկը իր անյաջողութիւնն է մարդուժի ոլորտին մէջ, քանի որ Ռուսիան կը պատրաստուի զօրահաւաքի հերթական ալիքի։

Բացի այդ, Ուքրանիոյ մէջ նորակոչիկներու հաւաքագրման փորձերը դեռ մնացած են ժողովրդավարական գործընթացի փաստաթղթերուն մէջ։ Ինչպէս նշած է Economist, խորհրդարանէն ներս ներկայացուած են աւելի քան հազար ուղղումներ օրինագիծին  վերաբերեալ, որոնք կառավարութեան աւելի մեծ հնարաւորութիւններ կու տան աւելցնելու բանակի անձնակազմի կարիքը:

Պարբերականի տեղեկութիւններով՝ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի բոլոր ջանքերը չէ գործադրած իր նպատակներուն հասնելու համար՝ ֆինանսական միջոցներու սղութեան եւ որոշումներու առընթեր  ժողովրդականութիւն չունենալու պատճառով։

Ուքրանիան շատ ուշացաւ իր պաշտպանական դիրքերու ամրապնդման հարցով, մինչդեռ կառավարութիւնը դեռ «կ՚երազէ նոր հակայարձակման անցնլու»։

The Economist  նշած է, հաւանականութիւնը որ սա դառնայ ապագայ խաղաղ բանակցութիւններու համար հիմնական գիծը, այն է, ինչէն Զելենսքին կ՚ուզէր խուսափիլ, սակայն վտանգներն այժմ այնքան մեծ են, որ  ներկայիս  տիրող  իրավիճակը   պատերազմէն  «նուազագոյն վնասներ»ով դուրս  գալու  լաւագոյն  տարբերակն է։