image

ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովէն Ռուսիոյ դուրս գալու հարցը «օդէն կախուած է». Լաւրով

ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովէն Ռուսիոյ դուրս գալու հարցը «օդէն կախուած է». Լաւրով

Եւրոպային Անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան խորհրդարանական վեհաժողովէն (ԵԱՀԿ ԽՎ) Ռուսիոյ դուրս գալը դեռ չէ քննարկուած, սակայն հարցը «օդէն կախուած է», ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։ Այս մասին յայտնած է vedomosti.ru-ն:

«Հարցը դեռ չէ քննարկուած, բայց օդին մէջ կախուած է։ Կը հետեւի՞ն մեզի մեր դաշնակիցները, այդ այլ հարց է, եւ այստեղ, ի հարկէ, պէտք է լիովին հաշուի առնել անոնց դիրքորոշումը»,-ըսած է ան Տումայի մէջ կառավարութեան ժամուն։

Փետրուար 13-ին Տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտինը յայտարարած էր, որ Ստորին պալատը եւ Դաշնութեան խորհուրդը փետրուար 21-ին կայանալիք իրենց լիագումար նիստին պիտի որոշեն կասեցնել Ռուսիոյ մասնակցութիւնը Եւրոպային Անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) խորհրդարանական վեհաժողովին եւ հրաժարիլ համապատասխան վճարումներէն։ Դիրքորոշումը նախապէս համաձայնեցուած է Լաւրովի հետ, ըսած է Տումայի միջազգային հարցերով յանձնաժողովի նախագահ Լեոնիտ Սլուցքին։