Հայաստանի Քննչական կոմիտէի Վայոց Ձորի մարզային քննչական վարչութեան մէջ ՀՀ Քրօրի 258 յօդուածի 4-րդ մասի յատկանիշներով յարուցուած է քրէական գործ, որու շրջանակին մէջ ձերբակալուած է Երեւանի բնակիչ 27-ամեայ Շանթ Բագրատեանը:
Վերջինս կը կասկածուի Ապրիլ 2-ին Վայոց Ձորի մարզին մէջ կազալցակայանի տնօրէն 45-ամեայ Վահէ Ասատրեանը ծեծի ենթարկելու եւ մարմնական վնասուածքներ պատճառելու մէջ:
Ըստ տեղեկութիւններուն` Շ․ Բագրատեանը Ազգային ժողովի պատգամաւոր Սերկէյ Բագրատեանի տղան է, ով «Էքօ Օիլ» ՍՊԸ-ի տնօրէնն է:
Ան յայտնաբերուած եւ տեղափոխուած է ոստիկանութեան Վայոց Ձորի բաժնի ձերբակալուածներու պահման վայր:
Այսօր Վայոց Ձորի Քննչական վարչութեան քննիչը պիտի դիմէ Արարատի եւ Վայոց Ձորի մարզերու ընդհանուր իրաւասութեան դատարան, որպէսզի դատարանը որպէս խափանման միջոց 2-ամսեայ կալանքի որոշում կայացնէ պատգամաւորի որդիին` Շ․ Բագրատեանի նկատմամբ:
Կազալցակայանի տնօրէն Վ. Ասատրեանը հրաժարած էր կատարուածին մասին հաղորդում տալէ: