image

Ձերբակալուած են Ռոպերթ Քոչարեանը եւ որդին՝ Սեդրակ Քոչարեանը

Ձերբակալուած են Ռոպերթ Քոչարեանը եւ որդին՝ Սեդրակ Քոչարեանը

Երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանն ու անոր աւագ որդին՝ Սեդրակ Քոչարեանը, ձերբակալուած են։ Տեղեկութիւնը հաստատած է Հակափտածութեան կոմիտէն։

Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը այսօր՝ օգոստոս 25-ի վաղ առաւօտեան, իրաւապահները տարած էին Հակափտածութեան կոմիտէ։ Միաժամանակ խուզարկութիւն սկսած էր անոր որդիին՝ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լեւոն Քոչարեանի բնակարանին մէջ։

Վաղ առաւօտեան հարկային մարմինները կապարակնքած են «Toyota» ընկերութեան երեւանեան գրասենեակը։

Քննչական կոմիտէն յայտնած է, որ քրէական վարոյթի ծիրէն ներս քննչական եւ վարութային գործողութիւններ կը կատարուին «Օրանժ ֆիթնես» ակումբին եւ «Փլէյ սիթի» զուարճանքի կեդրոնին մէջ, ինչպէս նաեւ տնօրէններու բնակարաններուն մէջ։

Ըստ շրջանառուող լուրերուն՝ այս կառոյցները կը պատկանին Քոչարեան ընտանիքին։