image

Ձերբակալուած է պատգամաւորի որդին. Պատճառը ծեծի խնդիր մըն է

Ձերբակալուած է պատգամաւորի  որդին. Պատճառը ծեծի խնդիր մըն է

Հայաստանի Քննչական կոմիտէի Վայոց Ձորի մարզային քննչական վարչութեան մէջ ՀՀ Քրօրի 258 յօդուածի 4-րդ մասի յատկանիշներով յարուցուած է քրէական գործ, որու շրջանակին մէջ ձերբակալուած է Երեւանի բնակիչ 27-ամեայ Շանթ Բագրատեանը: 

Վերջինս կը կասկածուի Ապրիլ 2-ին Վայոց Ձորի մարզին մէջ կազալցակայանի տնօրէն 45-ամեայ Վահէ Ասատրեանը ծեծի ենթարկելու եւ մարմնական վնասուածքներ պատճառելու մէջ: 

Ըստ տեղեկութիւններուն` Շ․ Բագրատեանը Ազգային ժողովի պատգամաւոր Սերկէյ Բագրատեանի  տղան է, ով «Էքօ Օիլ» ՍՊԸ-ի տնօրէնն է:

Ան յայտնաբերուած եւ տեղափոխուած է ոստիկանութեան Վայոց Ձորի բաժնի ձերբակալուածներու պահման վայր:

Այսօր Վայոց Ձորի Քննչական վարչութեան քննիչը պիտի դիմէ Արարատի եւ Վայոց Ձորի մարզերու ընդհանուր իրաւասութեան դատարան, որպէսզի դատարանը որպէս խափանման միջոց 2-ամսեայ կալանքի որոշում կայացնէ պատգամաւորի որդիին` Շ․ Բագրատեանի նկատմամբ: 

Կազալցակայանի տնօրէն Վ. Ասատրեանը հրաժարած էր կատարուածին մասին հաղորդում տալէ: