image

Դուրս բերուած է 22 զոհուածի մարմին

Դուրս բերուած է 22 զոհուածի մարմին

 

Երէկ որոնողական աշխատանքներ կատարող փրկարարական խումբերը Հորադիզէն,  Ջապրայիլէն եւ Իշխանաձորէն դուրս բերած են 22 զինծառայողի մարմին։ Այս մասին 20 դեկտեմբերին, NEWS.am-ի հետ զրոցի ժամանակ ըսած է Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի պետ Յունան Թադեւոսեանը:

 

«13 Նոյեմբերէն սկսեալ ընդհանուր առմամբ դուսր բերուած է 1020 մարմին, որոնողական աշխատանքնները կը շարունակուին: Երկրորդ անգամ որոնողական աշխատանքներ պիտի կատարեն Շուշիի լեռնաանտառային գօտիներուն մէջ, նաեւ Հատրութի եւ Ջապրայիլի ուղղութիւններով»,-ըսած է ան:

Ըստ Յունան Թադեւոսեանի՝ որոնողական աշխատանքներուն կը մասնակցին նաեւ անհետ կորած զինծառայողներու ծնողները, իսկ ռուս խաղաղապահները կ'օժանդակեն բանակցային գործընթացներուն։