image

Դեսպան Ճոն Էվընզ կը համալրէ Պաքուի «Անբաղձալի անձեր»ու ցուցակը

Դեսպան  Ճոն  Էվընզ   կը  համալրէ Պաքուի «Անբաղձալի անձեր»ու  ցուցակը

ԼՂՀ: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Հիքմեթ Հաճիեւ «անօրինական» համարած է Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճան Էվընզի Լեռնային Ղարաբաղ այցելութիւնը, պնդելով, որ այդ այցելութեան նպատակը «այս զգայուն պահուն իրավիճակը աւելիով սրել» եղած է: Այս լուրը հաղորդած ազրպէյճանական «Քոնթեք» լրատուական կայքը նշած է, որ Էվընզ «երկարատեւ ու սերտ կապերու մէջ է» Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակին հետ, եւ «Հայաստանի մէջ դեսպան եղած տարիներուն ան չարաշահած է լիազօրութիւնները եւ հանդէս եկած է հայամէտ դիրքորոշումով»: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ այս մասին հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Էվընզ պիտի ներառուի երկրին «անբաղձալի անձեր»ու ցանկին մէջ: Յիշեցնենք, որ այս շաբաթ Լեռնային Ղարաբաղ այցելած Ճան Էվընզ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ պաշտօնազրկուած էր` Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալուն համար։