ՀՀ դեսպանը մասնակցած է Յորդանանի Հաշիմեան Թագաւորութեան հիմնադրման 100-ամեակին նուիրուած միջոցառումներուն:
Ս.թ. Սեպտեմբեր 9-էն 11-ը Յորդանանի Հաշիմեան Թագաւորութիւն կատարած աշխատանքային այցի շրջանակէն ներս Յորդանանի մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Գէորգեանը մասնակցած է Յորդանանի Հաշիմեան Թագաւորութեան հիմնադրման 100-ամեակին նուիրուած հայ համայնքի կազմակերպած միջոցառումներուն:
Յորդանանի մշակոյթի նախարարի հովանիի ներքոյ կայացած միջոցառումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են հայ համայնքի մշակութային եւ հայրենակցական միութիւնները:
Բացման հանդիսաւոր նիստին նախորդած է Յորդանանի մշակոյթի նախարար Ալի ալ-Այէտի եւ ՀՀ դեսպանի հանդիպումը, որու ընթացքին կողմերը պայմանաւորուած են խորացնել մշակութային համագործակցութիւնը: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է մօտ ապագային ստորագրելու «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Յորդանանի Հաշիմեան Թագաւորութեան կառավարութեան միջեւ մշակոյթի ոլորտին մէջ համագործակցութեան մասին 2021-2026 թուականներու համար» գործնական ծրագիրը:
Միջոցառումներու մեկնարկի հանդիասաւոր արարողութեան մասնակցած են Յորդանանի Հայոց թեմի առաջնորդ, ծայրագոյն վարդապետ Տէր Աւետիս Մաթէոս Իփրաճեանը, Յորդանանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, դիւանագէտներ, հասարակական-քաղաքական գործիչներ, հայ համայնքի անդամներ, ԶԼՄ ներկայացուցիչներ:


