Այսօր՝ 21 դեկտեմբերին, ժամը 20:00-ին, պիտի վառին Հանրապետութեան Հրապարակի տօնածառի լոյսերը եւ պիտի ազդարարուի Նոր տարուայ միջոցառումներու մեկնարկը։ Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ Կառավարութեան ֆեյսպուքեան պաշտօնական էջէն:
«Նոր տարին՝ նոր ձեւաչափով
Այս տարի առաջին անգամ տօնական օրերը յագեցած պիտի ըլլան մշակութային միջոցառումներով՝ բաց պիտի ըլլան թատրոններն ու թանգարանները, ինչպէս նաեւ կը սպասուին համերգներ եւ հետաքրքիր միջոցառումներ։ Իսկ ամանորի գիշերը պիտի աշխատին հրապարակին յարակից ճաշարաններն ու սրճարանները»,-ըսուած է Կառավարութեան ֆեյսպուքեան էջի գրառման մէջ: