Մոսկուան չի բացառում Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու առկայ ձեւաչափով եռակողմ հանդիպման կայացումը: Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօն:
«Մենք կը շարունակենք համակարգուած աշխատանքը բոլոր մակարդակներով` 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի, 2021 թուականի Յունուար 11-ի եւ Նոյեմբեր 26-ի ամենաբարձր մակարդակով եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու իրականացման համար: Առաջնորդները մշտական կապի մէջ են: Մենք չենք բարառեր, եթէ նման անհրաժեշտութիւն յառաջանայ, դէմ առ դէմ հանդիպման կազմակերպում», ըսա է ան:
Ռուտենքօն յիշեցուցած է, որ Մայիս 12-ին Տուշանպէի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէեյ Լաւրովը ԱՊՀ արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի շրջանակներուն մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի գործընկերներուն հետ բանակցութիւններու ընթացքին քննարկած է Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերու ամբողջ շրջանակը: