Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն խօսած է հայ եւ թուրք բանագնացներու յառաջիկայ հանդիպման մասին:
Չաւուշօղլուն նշած է, թէ հանդիպման ընթացքին պիտի խօսին յառաջիկային կատարուելիք քայլերու մասին: Չաւուշօղլուն պնդած է, թէ հայերուն հետ համաձայնութիւն կայ հայ-թրքական սահմանի ճշգրտման մասին:
Ան յիշեցուցած է, որ օրինակ Ատրպէյճանի պարագային Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համատեղ յանձնաժողով ստեղծելու համաձայնութիւն ձեռք բերուած է:
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը հանդէս գալով հերքած էր բոլոր այն լուրերը, որ հայ-թրքական սահմանին վերաբերեալ ճշգրումտներ կատարելու օրակարգ կայ։