RaHDIt ցանցահէններու խումբը հրապարակած է Ուքրանիոյ ռազմական հետախուզութեան աշխատակիցներու վերաբերեալ տուեալներ:
Ընդհանուր առմամբ, համացանց արտահոսած է հազար հետախոյզի մասին տեղեկութիւն: Խօսքը Ռուսիոյ, Հնդկաստանի, Աւստրիոյ, Վիեթնամի, Հարաւային Ափրիկէի, Իտալիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի մէջ գտնուող ներկայացուցիչներու մասին է: Բացայայտուած են նաեւ Լեհաստանի, Հունգարիոյ, Պուլկարիոյ եւ Սլովաքիոյ ռազմական հետախուզութեան, հրահանգիչների եւ գաղտնի եւ ուժային հետախուզութիւն վարելու յատուկ նշանակութեան ուժերու ներկայացուցիչներու տուեալները:
Ցանցահէնները բացատրած են, որ օգտուած են Քիեւի Ռիպալսքի կղզիին մէջ հետախուզութեան գլխաւոր տնօրինութեան կեդրոնական ցանցերու պաշտպանութեան սողանցքէն:
Յունիս 1-ին RaHDIt-ը հրապարակած էր Ուկքրանիոյ անվտանգութեան ծառայութեան 700 աշխատակիցի անձնական տուեալները: Բացի ընդհանուր տեղեկութիւններէն, ցանցահէնները բացայայտած են ուքրանական հետախուզութեան աշխատակիցներու նախասիրութիւններէն մի քանի հատը: Որոշ աշխատողներ դատապարտուած եղած են թմրամիջոցներու ապօրինի օգտագործման եւ ձեռքբերման համար: