image

Բողոքի գործողութիւն «Պրիւսով»ի համալսարանի բակին մէջ. Կան բերման ենթարկուածներ

 Բողոքի գործողութիւն «Պրիւսով»ի համալսարանի բակին մէջ. Կան բերման ենթարկուածներ

  Գործողութիւններու ընթացքին  երիտասարդներուն մօտեցան ոստիկանական ուժեր եւ կարգ մը ցուցարարներու    բերման ենթարկեցին։

Բողոքի գործողութիւնները կը շարունակուին Երեւանի մէջ։

 Այս ծիրէն ներս խումբ մը երիտասարդներ  Արցախի դրօշներ  զետեղած են Երեւանեան կարգ մը համալսարաններու մասնաշէնքերու մուտքերուն։ 

 Բողոքի հաւաք իրականացուած է մասնաւորապէս «Պրիւսով»ի անուան համալսարանին մէջ, ուր երիտասարդները «Զարթիր Լաո» կոչերով մուտք գործած են համալսարան եւ կոչ ուղղած բոլորին միանալու իրենց պայքարին։

 Երիտասարդները յայտարարած են, որ Արցախի դրօշը կը տեղադրեն համալսարանի  բակին մէջ , ըսելու համար, որ հայ երիտասարդը համաձայն չէ Արցախը Ատրպէյճանին  յանձնելու մասին առկայ մօտեցումներուն։

Ապա անոնք կարմիր ծուխ արձակեցին համալսարանին բակին մէջ։

 Գործողութիւններու ընթացքին  երիտասարդներուն մօտեցան ոստիկանական ուժեր եւ կարգ մը   ցուցարարներու  բերման ենթարկեցին։