Արցախի Քաշաթաղ շրջանին մէջ սկսաւ յուշարձաններու տարհանման գործընթացը: Բերձորի Սուրբ Համբարձում եկեղեցւոյ յարակից տարածքէն կը վերցուի նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարը:
Լուրը հաղորդած է Արցախի պատկերասփիւռի Հանրային կայանը, որ դիտել տուած է նաեւ, որ, ըստ քաղաքացիական պաշտպանութեան ծրագիրին, Բերձորէն, Աղաւնոյէն եւ Ներքին Սուսէն դուրս կը բերուին ոչ միայն բնակիչները, այլ նաեւ այն մշակութային կոթողները, զորս կարելի է տեղափոխել։
Յուշարձաններու տարհանման աշխատանքները համակարգողները նշած են, որ յուշարձանները հոն մնալով՝ ոչնչացման լուրջ վտանգի կ՛ենթարկուեն որովհետեւ տակաւին 2021ին, Ատրպէյճանի նախագահը յայտարարած է, որ բոլոր նոր յուշարձանները, որոնք կառուցուած են այս 30 տարիներուն, ենթակայ են ոչնչացման, իսկ մնացածներուն պարագային հայկական բոլոր արձանագրութիւնները պէտք է ջնջուին եւ ոչնչացուին:
Տարհանուող յուշարձաններուն մէկ մասին ճակատագիրը արդէն յստակացած է եւ անոնք ժամանակաւոր կերպով պիտի տեղադրուին այլ եկեղեցիներու բակերուն մէջ: